06.07.2023|
10:55
ՈՒրբաթ 30, Յունիսի, 2023 ին, Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, յատուկ հանդիպում-ժողով մը ունեցաւ Իրլանտայի եկեղեցւոյ (Անկլիքան) Արքեպիսկոպոս Դոկտ. Մայքըլ Ճէքսընի հետ։ Արք. Ճէքսըն, Տապլինի եւ Կլէնտալօ շրջանի Իրլանտայի եկեղեցւոյ ընդհանուր առաջնորդն է։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Տապլինի պատմական Քրիստոսի եկեղեցիի (Քաթիտրալ) մէջ։ Քրիստոսի եկեղեցին՝ըստ պատմական արձանագրութիւններու հիմնուած է մօտաւորապէս ՔԵ 1030 տարիներուն։ Պատմական-մշակութային եկեղեցաշէնք մըն է որ տարեկան աւելի քան հինգ հարիւր հազար այցելուներ կունենայ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Քրիստոսի եկեղեցիի հոգեւոր առաջնորդ Հայր Տէրմոթ Տիւնը, Դոկտ. Փոլ Մանուկ, որ Իրլանտայի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմնի անդամ է եւ Դոկտ. Արտա ճէպէճեանը։